ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԳՈՅԱՄԱՐՏԻ 20ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Print Print Email Email

«Հայաստանը չի կարող դառնալ կենսունակ,
պետութիւն՝ առանց Արցախում հայկական
իշխանութեան եւ զինուած ուժերի մշտական եւ
անկաշկանդ գոյութեան»:
ԱՐՄԷՆ ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Յայտնապէս խօսքը կը վերաբերի՝ ազգային հիմնահարցերու նկատմամբ զգացականութենէ եւ կարգախօսային տզրուկ պարունակէ դուրս գալու հրամայական պահանջին:
Աւելի՛ն. քաղաքական տարտամ, անհեռատես եւ պարտուողական վարքագիծերէ միանգամընդմիշտ ձերբազատելու կամքի արտայայտութեան ամրագրումին մասին կը խօսի ան:
Եւ, մասնաւորաբա՛ր, անիկա կը վերաբերի ժամանակակից ազգային կեանքի արտասովոր կացութիւններու դէմ յանդիման, գիտակից հայրենասէրի եւ ոգեկան բարձրութեամբ յատկանշուող տիպար անհատականութիւններու առաւել ուժական ներկայութեան եւ տարազաւորումին,
Ինչպէս նաեւ յստակատեսաբար, ընկերատնտեսական համակարգի եւ պետականութեան ամրակայման համազգային կռուաններու եւ համապատասխան կառոյցներու էապէս ու աստիճանական բարգաւաճումին,
Հուսկ, ազգ, պետութիւն եւ անհատ-ղեկավարութիւն ներդաշնակ, անարգել եւ նպատակաուղղուած հայեցակարգերու յարատեւ շեշտադրումին:
Անցնինք:
Շատերու համար, սկսելով յօդուածի խորագիրէն՝ չափազանցուած մեկնակէտային ալիք մը կարելի է նկատել, իսկ, անոր դրդապատճառը՝ տակաւ վերացող երեւոյթ:
Միւս կողմէ, հայազգի նուիրեալ ակադեմականին, հայատրոփ պատմագէտին, աշխարհաքաղաքական մերօրեայ անցուդարձերուն եւ ամբողջ համակարգին՝ ներքին ու թաքուն ծալքերուն եւ տարածքներուն քաջատեղեակ քաղաքագէտին՝ Արմէն Այվազեանին վերոյիշեալ մտածումին կամ հաստատումին նկատմամբ, գէթ ընթերցասէր հասարակութեան մօտ ստեղծուին անմիջական հակազդեցութեան առիթ՝ յայտնելով, որ առկա՞յ են նմանօրինակ հասկացողութիւններու հակառակի մօտեցումներ կամ այսպէս ասած քաղաքական գործընթացներ:
Դժբախտ եղելութեամբ՝ հաստատական է փաստարկումը:
Որովհետեւ, քաղաքագէտի պատմուճանը հանդերձած եւ կամ ղեկավարի շքերթին ծառայող անհատներ, ամուլ եւ շատ անգամ ապազգային վարքագիծերու համընթաց, նոյնիսկ նուազագոյնին իրազեկ ըլլալու ափսոսանքը չեն ապրիր՝ հեռու մնալով հաստատագրուած իրողութիւնները՝ լոյսին բերելու յանդգնութենէն:
Հապա, վերոնշեալի կենդանի դրսեւորումը, հայկական շրջապատով հանդերձ, եւ դասականացած միջավայրերու կողքին, մինչեւ հայրենիքի քաղաքական առօրեան, ազգովին ականատես ենք, առանց դոյզն չքմեղանքի:
Սակայն, փափաքելին տեսնելու եւ ակնկալուածին նպաստաւոր չափորոշիչները ուրուագծելու բեմահարթակն անգամ այլայլող եւ անարձագանգ կը մնայ իր տարողութեամբ:
Այդուհանդերձ,
Իցիւ թէ, իրականութեան դարպասին բախող ամէն մարտահրաւէր ունենար ըմբռնելի բացատրելիութիւն, անհրմշտուկ իրավիճակ, տողատակի պատգամ, քաղաքական ոլորապտոյտ շրջածիրէ դուրս գալու զգաստ կեցուածք, խանդավառ ճիգ եւ նախանձախնդիր մտայղացք, աւելի՛ն. հակոտնեայ քաղաքական ոլորտ, ընդելուզուած հորիզոններու պայծառութեամբ:
Ասոր համար սերունդներ ամբողջ երախտագիտութեան իրենց գրաւչութիւնը արտայայտէին դժնդակ պայմաններու մէջ անգամ, եւ, այսպէս բոլոր ժամանակներուն:
Արդ,
Հայութեան համար վիճակուած իրողութիւն է ըստ ամենայնի յիշեցման կարգով ընթանալու, գոյութենական պայքարէի հանգրուանին իսկ, բացառաբար բոլոր բնագաւառներու համատեղելիութեամբ:
Ապա նաեւ, ներքին զսպուածութեամբ, բայց մանաւանդ աշխարհաքաղաքական ընկալումներու համեստ եւ ժուժկալ հասկացողութիւն ցուցաբերելու՝ ժողովրդային, հասարակական, կրօնական եւ քաղաքական շերտերու մասնակցութեամբ, որպէսզի պատմութեան ընձեռած կարելիութիւններուն եւ պատեհութիւններուն անկորնչելիութիւնը ապահովուի:
Ուստի,
Պատմութեան մեր տեսակի շտեմարանին շողարձակ իրաւութիւնը, իր տեղատուութիւններով հանդերձ, ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու գիտակցութեամբ, հասած է պահն ու գրաւը, առաւելագոյնս օգտուելու անկէ՝ այս պարագային ոգեւորուած եւ ազգային շունչով դաստիարակուած մեր ժողովուրդի իմաստութենէն, ասպետական ու քաջասիրտ պահուածքէն, որպէսզի գալիքի հաշուոյն, ամրապնդուին լիարժէք կեանքի մը կենսունակութիւնն ու անվտանգ ապրելու տարրական հասկացողութիւնը:
Հիմա,
Շնչասպառ ներածականէ ետք, ըսել ու անցնի՞լ, որ քսանամեակ մը բաւարար ժամանակ կþենթադրուի ըլլալ, մեր արդի պատմութեան այսօրուան հոլովոյթը սահմանելու եւ Արցախեան Գոյամարտի ամբողջ տեսադաշտը բնորոշելու:
Որովհետեւ,
Կրկնութեան իրաւունքին համապատասխան, գոռա՛լ պէտք է ամբողջ մարդկութեան պաստառին, թէ հայ բազուկի հրաշակերտ հարուածներուն շնորհիւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր հերոսական Արցախով փաստեց.-
Իր առհաւական եւ անկորնչելի դիմագծային անաղարտութիւնը:
Հայ ազատամարտիկի ասպետական ոգիին թարմութիւնն ու հայավայել տոկունութիւնը:
Գաղափարանուէր սերունդի մը աւետաբեր ներկայութիւնը:
Հայ շինականին կառչածութիւնն ու հողի պաշտամունքը:
Արցախեան խոյանքին ազգային տիպականութիւնը, որ իր կարգին, հայ քաղաքական մտքին փոխանցեց իրատեսական հանգրուանի մը հաստատագրումը, պետական մտածողութեան առաւե՛լ ամրապնդումը, ազգի յարատեւութիւնն ու ցեղային առանձնայատկութիւններու անկաշկանդ շարունակականութիւնը:
Ուրեմն,
Այս հիմնաւորումով եւ տեսակէտի յստակութեամբ, երբ ականջալուր կþըլլանք հայ ակադեմականներու, մտաւորականներու թէ գործիչներու նմանատիպ կողմնորոշումին, հպարտութեան աւիւնն ու զգացողութիւնն է, որ կը տողանցէ նեարդներէ ներս, բացագանչելով լպիրշ եւ անփառունակ պետական այրերու երեսն ի վեր.- թէ՝
Հայ ժողովուրդը շնորհիւ իր անձնուրաց, խիզախ ու գաղափարանուէր հերոսներուն, փշրեց արուեստական պատուարները, ջրդեղեց ազգային արժէքները եւ հայութեան հետագայ սերունդներուն վերադարձուց թշնամիին դէմ կռուելու ոգեկան արիութիւնը, թուրք-ազերիին բարբարոսութիւններուն դէմ դնելու եւ յաղթելու ամենանուիրական զգացողութիւնը, կամքը:
Սակայն,
Վերադառնալով էականին, այսօրուան կացութեամբ ստեղծուած իրավիճակին, քաղաքական այլանդակ պատկերին եւ աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն, հարկ է, երկու հիմնական եւ պատճառական հասկացողութեամբ, հայ ժողովուրդի մտային ու զգացական աշխարհին կիզակէտը դարձնել հետեւեալ իրողութիւնները.
ա) Զանգուածային լրատուական թէ ընդհանրապէս քարոզչական տարաբնոյթ աշխատանքով անընդհատ լոյսին բերել Հայաստանի եւ Արցախի տարածքային ամբողջութիւնն ու անփոխարինելիութիւնը, անվտանգութեան հայեցակարգի ընդգծեալ իրականութեամբ:
Նաեւ, այս շրջածիրին մէջ, թուրք-ազերիական վտանգի հասանելիութիւնը նկատել ամէնօրեայ ահազանգ, որուն չէզոքացման, ձախողութեան եւ պարտութեան մեծագոյն երաշխիքը հայ բանակի եւ ազատամարտիկի որակային եւ արհեստագիտական զարգացումն է:
բ) Հաւանական ամէն փորձութենէ խուսափելու համար, պատրաստ ըլլալ դիմակայելու ներքին թէ արտաքին ճնշումներու ստեղծուած կացութիւնները: Փաստօրէն, երբ պետական այրերու ճահճահուտ եւ սին մտածումներուն մէջ, այսպէս ասած փոխդրացիական, հողատարածքներու զիջումին, բարի կամեցողութիւններու թէ առեւտրաշահակցական թաքուն եւ բացայայտ միտումներ կը տեսնուին, պարտաւոր է ազգի պարունակը իր շառաչիւն կեցուածքն ու դիմագիծը յայտնաբերելու, համապատասխան գործելակերպային ոճաւորումով:
Այլապէս,
Ցաւ ի սիրտ, թուրքի զազրութիւնը խորամանկութեան վերածուած, հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին, թէեւ անհատական մակարդակի վրայ, այդուհանդերձ, կարմրաթուշ եւ գաճաճ մարդոցմով փերեզակներու վոհմակը կը պատրաստէ: Այո՛, ներքնապէս ջլատելու եւ գրաւելու ամրոցը:
Իսկ, պատմութեան ընթացքին, նուազ թուային պատկեր ունեցած են նման հերետիկոսներ:
Իրօք, միւս կողմէ ալ, ազգը իր ծոցէն ծնունդ կու տայ հաւատաւոր հայորդիներու փաղանգի մը, մշակութային թէ քաղաքագիտական, մտաւորական թէ ազնուազարմ պատրաստուածութեամբ, որոնք օրն ի բուն իրենց հոգեմտային բիւրեղ հարստութիւնը կը կարկառեն յանուն ազգի գոյատեւման եւ վերապրելիութեան:
Հաւանաբար,
Արցախեան Գոյամարտին ամբողջական արժեւորումը դեռ իր լրումին չհասաւ: Հակառակ, կարգ մը փայլուն իրագործումներու, ատիկա ըլլայ գրականագիտական թէ արուեստի բնագաւառներէ ներս: Սակայն, բացորոշ է մէկ բան, որքան ժողովրդականացուին ազգային արժէքներու շտեմարանային հարստութիւնները, այնքան փառահեղ են ապագայի տեսլականները:
Հոս, տեղին է յիշել, թէ հայ ժողովուրդին աշխարհահայեացքին ամէնէն բոցկլտուն պահուածքը ազնուադրոշմ եւ հայրենասէրի տարրերն են, որոնց ջրդեղումը կþապահովուի գիտակցական հայրենանուիրումի եւ խիզախ արեւելումի բարացուցական եղելոյթով:
Հետեւաբար,
Հայ Դատի ամբողջական խորապատկերին եւ անոր հասանելիութեան երաշխիքը՝ առաջին հերթին, ազգային ներուժի անմնացորդ օգտագործումն է, ժողովրդային շերտերու մասնակցութեամբ եւ առաւել շեշտադրումով:
Ատոր համար ժողովրդականացնել ամէն արժէք, որ պիտի սպառազինէ հաւաքական յիշողութիւնն ու պատկանելիութեան անկրկնելի զգացողութիւնը:
Արցախեան գոյամարտը փաստեց ըսուածին իրաւացիութիւնն ու ճանաչողութիւնը:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

No responses yet

Comments RSS

Leave a Reply

Կայքի մոդերատորներն իրավունք ունեն հեռացնելու այն գրառումները, որոնք պարունակում են անձնական վիրավորանքներ, բռնության կոչեր, թեմայից դուրս գրառումներ, գովազդային նյութեր։ Նաև չի խրախուսվում շատախոսությունը (flood):

You must be logged in to post a comment.