«Այսօրուան Թուրքիան Թալէաթներու ժառանգորդն է և լավագոյն կերպով կը շարունակէ անոնց թշնամական քաղաքականութիւնը՝ ընդդեմ Հայաստանի», – կ՜ըսէ Արմէն Այվազեան

Print Print Email Email

Աղբյուր՝ Ազդակ, 06.10.2009

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններէն ետք հայ-թրքական յարաբերութիւննեը ո՞ր հանգրուանին մէջ կը գտնուին այսօր:

ԱՐՄԷՆ ԱՅՎԱԶԵԱՆ.- Այսօր այդ յարաբերութիւնները կը գտնուին արձանագրութիւններու վերջնական ստորագրման հանգրուանին մէջ:Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան վերջին տասնութ տարիներու, յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրուած սխալ քաղաքականութեան արգասիքն է:Պատահական չէ, որ այսօր այսպիսի անձնատուական փաթեթ դրուած է Հայաստանի պետութեան դիմաց:Ասիկա բոլորովին պատահական չէ եւ ասիկա օդէն չինկաւ:Տարիներ շարունակ այս արձանագրութիւններուն տրուած դրոյթները սողալով, կամաց-կամաց կը թափանցէին Հայաստանի ղեկավարութեան մտայնութեան մէջ, եւ ի վերջոյ արդէն գրաւեցին անոնց ամբողջ միտքը՝ կուրցնելով, թոյլ չտալով, որ անոնք տեսնեն ինչպէս պատմական, նոյնպէս ալ ներկայ իրականութիւնները:

Այդ առումով, ես ինքս տարիներ շարունակ քննադատած եմ Թուրքիոյ նկատմամբ Հայաստանի այն ատենուան պարտուողական քաղաքականութիւնը, որ այսօր անձնատուական եղած է:Ֆութպոլային կոչուած դիւանագիտութեան հանգրուանի նախօրեակին եւ անկէ ետք բազմիցս ելոյթներ ունեցած եմ, գրած եմ, բայց ինչպէս կþըսեն՝ «ասողին լսող է պէտք»:Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ամբողջական շէնքը արդէն սխալ հիմերու վրայ կառուցուած էր, որովհետեւ հիմքը Թուրքիոյ նկատմամբ որդեգրուած սխալ քաղաքականութիւնն էր, եւ անկէ ետք սխալ կառուցուած էին առաջին յարկը, երկրորդ յարկը, երրորդ յարկը եւ այլն:Այդ շէնքը ամբողջութեամբ արդէն փուլ եկած է, հիմա պարզապէս քննադատելը, յօդուածներ, վերլուծումներ գրելը այլեւս բաւարար չեն եւ շատ քիչ արդիւնք կու տան:Իսկ արձանագրութիւնները քննարկման դնելն ալ ծուղակ է մեր հասարակական կարծիքին, ժողովուրդին համար, որովհետեւ հայաստանեան տեղեկատուուական դաշտը, գրեթէ ամբողջութեամբ, յատկապէս պատկերասփիւռի կայանները կը գտնուին իշխանութեան վերահսկողութեան տակ, բացառութեամբ «Երկիր Մետիա»ին, որ մինչեւ այսօր կը գործէ բաւական կաշկանդուած վիճակի մէջ:Հայաստանի մէջ պատկերասփիւռի կայանները կþապահովեն ժողովուրդի տեղեկատուութիւնը մօտաւորապէս 80 կամ աւելի տոկոսով, մամուլի դերը անհամեմատ աւելի ցած է, իսկ համացանցի դերը ա՛լ աւելի նուազ է Հայաստանի մէջ, մանաւանդ որ բնակչութեան միայն շուրջ վեց առ հարիւրը լիիրաւ կերպով կþօգտուի համացանցէն:Հետեւաբար այս արձանագրութիւնները իբր թէ քննարկումի առարկայ կը դառնան, սակայն պատկերասփիւռի կայաններու 90 առ հարիւրը կը գովերգէ այս անձնատուական եւ կործանարար պայմանագիրը, պարզունակ քարոզչութեամբ, նոյնատիպ արտայայտութիւններով, առանց որեւէ բացատրութեան, հոն ո՛չ մէկ պատասխան կը տրուի այդ արձանագրութիւններուն ուղղուած քննադատութեան, իսկ տրամադրուած ժամանակն ալ իր կարգին շատ քիչ է:Ուրեմն այս բոլորը հասարակական քննարկման առարկայ դարձնելը քանի մը նպատակ կը հետապնդէ. առաջին հերթին՝ ժողովուրդը փթացնել, յիմարացնել, ուղեղները լուալ, գոնէ այս հանգրուանին, մինչեւ ամէն բան ուժի մէջ մտնէ, միւս նպատակն է կարելի եղածին չափ շատ մարդ ներքաշել այս բանավէճին մէջ՝ այն ելոյթներով, որոնք կը պաշտպանեն իշխանաւորներուն վարած քաղաքականութիւնը, այսինքն իշխանութիւնը կը փափաքի, որ տարածեն այն պատասխանատուութիւնը, որ իշխանութիւնը կը վերցնէ այս ստրկական արձանագրութիւններ կնքելով, կը փորձէ կարելի եղածին չափ բաժնել այս բեռը շատ մարդոց վրայ, որպէսզի ապագային, երբ պարզ դառնայ, որ ամէն ինչ փուլ եկած է, այն ատեն պատասխանատուութիւն ստանձնող չըլլայ, այլ ըսուի, թէ բոլորս ալ սխալեցանք:Այդպէս եղաւ նաեւ անցեալին, ինչպէս պատասխանատուութիւն կրող չեղաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք՝ հայկական շրջանակներուն մէջ, ինչպէս պատասխանատուութիւն կրող չեղաւ Կարսի անկումէն ետք, որովհետեւ զանգուածաբար սխալելու երեւոյթը տարածուեցաւ, թէեւ իրական պատասխանատուներ կային մեր միջավայրին մէջ, պէտք չէ պատասխանատուները փնտռել օտար միջավայրին մէջ:Ասիկա հայութեան մեծագոյն սխալը եղած է միշտ եւ մինչեւ այսօր մենք չենք կրնար մեր միջավայրին մէջ պատասխանատուները գտնել եւ ըստ արժանւոյն գնահատել ու քննադատել:Կայ նաեւ այլ նպատակ այս բանավէճերուն մէջ մեզ մխրճելու, այդ ալ հասարակական համաձայնութեան կեղծ տպաւորութիւն ստեղծելն է՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Խորքին մէջ արձանագրութիւնները կը ներառեն ոչ թէ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած քանի մը նախապայման, այլ՝ բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնց կարգին է պատմաբաններու յանձնաժողովի կազմութիւնը, որով խաչ կը քաշուի Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու յաղթահարման, հոն կայ Կարսի պայմանագիրի հաստատումը, եւ ոչ միայն Կարսի, այլ Լոզանի դաշնագիրի ստուերին տակ ըլլալը:Ասիկա այն դաշնագիրն է, որ 1923 թուականին փակեց Հայկական հարցը երեսնամեայ ազատագրական պայքարէն ետք եւ Հայկական հարցը դագաղին վերջին մեխը զարկած:Շատեր կը կարծէին, որ այդպիսով ընդմիշտ փակուեցաւ Հայկական հարցը, սակայն հայ ժողովուրդը 20-րդ դարուն վերջը անգամ մը եւս կրցաւ ոտքի կանգնիլ, ստեղծել իր պետութիւնը, որ սակայն մինչեւ օրս չէ կայացած իբրեւ հայկական լիարժէք պետութիւն, որ այսօր չի պաշտպաներ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերը:Տեսէք՝ ի՛նչ զազրելի հնարք մը կը կիրարկեն թուրքերը եւ անոնք յաջողած են նոյնիսկ Հայաստանի մէջ իրենց թեզին պաշտպաններ գտնել՝ մտածել տալով, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի շահերը տարբեր են:Ասիկա լկտի եւ վտանգաւոր կեղծիք մըն է, որ թուրքերը մեզի տուած են, սակայն այսօր կարգ մը հայ քաղաքական գործիչներ, որոնք իրենք զիրենք այդպէս կը կոչեն, իրերը այդպէս կը ներկայացնեն, եւ ցաւօք սրտի, այս կեղծիքը սկսած է բոյն դնել ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի մէջ:Այդպիսի բան գոյութիւն չունի, Հայաստանի ժողովուրդի եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներու շահերը ազգային բոլոր հարցերուն մէջ կը համընկնին, չկայ պարագայ մը, երբ մեր շահերը չեն համընկնիր իրարու, ատիկա բացարձակ կեղծիք է, սակայն այդ կեղծիքը սկսած է իր աշխատանքը կատարել ժողովուրդի որոշ հատուածներու ուղեղին մէջ:Տեսէք, թէ ի՛նչ ըսաւ Էրտողան՝ Հայաստանի ղեկավարութեան ցուցմունքներ տալով. ան ուղղակի ըսաւ, որ Հայաստան պէտք է ձերբազատի սփիւռքի ազդեցութենէն, որովհետեւ սփիւռքը Հայաստանին ոչ մէկ լաւ բան կրնայ տալ. ասիկա կը նշանակէ, որ մենք (թուրքերը) ցեղասպանութիւն գործած ենք, ձեր ժողովուրդին ցրուած ենք աշխարհով մէկ, ստեղծած ենք ձեր սփիւռքը, իսկ հիմա ալ սփիւռքը ոչնչացնենք՝ Հայաստանէն կտրելով զայն, որովհետեւ սփիւռքը կարելի է այդպիսով ոչնչացնել, սփիւռքի հիմնական կապը իր ինքնութեան հետ հայրենիքի միջոցով կþըլլայ, իսկ փորձ կը կատարուի հարուածելու հայրենիքի այդ գաղափարին, միւս կողմէ՝ Հայաստանին կþըսեն, որ սփիւռքէն ձերբազատեցէք, որովհետեւ անիկա վնաս է ձեզի:Ուրեմն կը յանգինք այնպիսի կարգավիճակի, երբ թուրքը կþըսէ ցեղասպանութիւն կատարած եմ, լա՛ւ ըրած եմ, կը ժխտեմ, լա՛ւ կþընեմ, իսկ հիմա պէտք է շարունակեմ ոչնչացնելով սփիւռքը, յետոյ ալ Հայաստանը, կամ՝ զուգահեռաբար:Այսինքն թուրքը չէ հրաժարած Հայաստանն ու հայութիւնը ոչնչացնելու իր նպատակներէն:Ասիկա այնպիսի իրականութիւն մըն է, զոր վերջին 18 տարիներուն ընթացքին հայրենի իշխանութիւնները չեն ուզեր տեսնել:Այս իրականութիւնը, որ Թուրքիոյ նպատակն է՝ ոչնչացնել Հայաստանն ու Հայաստանի ճամբով ամբողջ հայ ժողովուրդը, չեն տեսներ մեր ղեկավարները, այլ կը խօսին հարեւան պետութեան մասին, կþըսեն, որ երկու հարեւաններուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է բնական ըլլան, իսկ ո՞վ ըսաւ, որ Թուրքիան մեզի հարեւան պետութիւն է, Թուրքիան մեր թշնամի պետութիւնն է, եղած է այնպէս, նոյնն է այսօր, որովհետեւ կը շարունակէ թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերել հայրենիքի նկատմամբ, ոչ թէ մէկ, այլ տարբեր ուղղութիւններով:Թուրքիոյ այսօրուան թշնամութիւնը չտեսնելը հիւանդութիւն է, քաղաքական հաւկուրութիւն է:Չե՛ս տեսներ քու թշնամիդ, չե՛ս տեսներ անոր թշնամական արարքները, ուրեմն կը զոհուիս:

Հ.- Չե՞ն տեսներ, թէ տեսնել չեն ուզեր:

Ա. Ա.- Երկուքն ալ:Անոնք նոյն իմաստը ունին:Մեր իշխանութիւնները ուրիշ հարց ալ ունին. այսօրուան մեր քաղաքական վերնախաւը գաղափար իսկ չունի, թէ ի՛նչ է Թուրքիան, ի՛նչ էր Թուրքիան անցեալին եւ ի՛նչ է ներկայիս, մեզի համար ի՛նչ պիտի ըլլայ Թուրքիան ապագային:Գաղափար իսկ չունին, որովհետեւ այս հարցերուն ծանօթ չեն:Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը չի պաշտպաներ Հայաստանի ժողովուրդին անվտանգութիւնը:Ի՞նչ կը նշանակէ Ցեղասպանութեան ժխտում. կը նշանակէ, որ իրաւական, քաղաքական համաշխարհային միտքի գնահատականներուն համաձայն, Ցեղասպանութեան մը ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին հանգրուանն է, երբ կը փորձես ոչնչացնել վերապրողներուն եւ անոնց ժառանգորդներուն յիշողութիւնն անգամ, կը վիրաւորես անոնց արժանապատուութիւնը, անոնց յիշատակը, կþանպատուես բոլոր հայերը, միջազգային մակարդակի վրայ կը վարկաբեկես ազգդ՝ ըսելով, որ նման բան չէ եղած, առիթ կու տաս ուրիշներուն ըսելու, որ հայերը կը ստեն, կը կեղծեն, ատելութիւն կը քարոզեն, երբ կը խօսին ցեղասպանութեան մասին:Իսկ մեր ղեկավարութիւնը երբեք չի տեսներ Թուրքիոյ՝ այսօրուան թալէաթներու ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, որմէ երբեք չեն հրաժարած անոնք:Քանի մը օր առաջ վարչապետ Էրտողան ըսաւ. «Մենք կը ձգտինք վերականգնել Օսմանեան կայսրութեան հզօրութիւնը»:Ինչո՞ւ մեր ղեկավարները չեն կրնար հասկնալ, որ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ, հասկնալ, բացատրել մեր ժողովուրդին, մեկնաբանել այդ ամէնը:Օսմանեան կայսրութիւնը հայերուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ժողովուրդներու համար, բայց յատկապէս մեզի համար կը նշանակէ ցեղասպանութիւն, ոչնչացում. այս է Օսմանեան կայսրութիւնը, իսկ այսօրուան Թուրքիոյ պատասխանատուները կը յայտարարեն, որ կþուզեն վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը:Կը պատկերացնէ՞ք, որ այսօր հրեաները Գերմանիոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնէին ու Գերմանիոյ ղեկավարները ըսէին, որ իրենք կþուզեն վերականգնել ֆաշական Գերմանիոյ հզօրութիւնը:Այսպիսի բան կարելի չէ պատկերացնել, անկարելի է, իսկ մեր պարագային ի յայտ կու գայ, որ մեր ղեկավարները հարց չունին թալէաթներու ժառանգորդներուն հետ:

Հ.- Ինչպէ՞ս կ՜արժեւորէք Դաշնակցութեան վերջին նախաձեռնութիւնները:

Ա. Ա.- Տարիներ շարունակ ես ինքս քննադատած եմ Դաշնակցութեան քոալիսոնի մէջ ըլլալը՝ ըսելով, որ ատիկա սխալ է:Նման կեցուածք երկկողմանի սխալ է՝ մէկ կողմէ ժողովուրդին մօտ Դաշնակցութեան հեղինակութիւնը կը նուազեցնէ, իսկ միւս կողմէ՝ Ազգային ժողովին մէջ Դաշնակցութիւնը շանթարգելի դեր կը կատարէ ազգային հարցերու առնչութեամբ:Ժողովուրդը տեսնելով, որ Դաշնակցութիւնը կառավարութեան մէջ է, ինք ազգային հարցերու պաշտպանն է, ուրեմն ան հանգիստ է:Ֆութպոլային դիւանագիտութեան սկիզբը Դաշնակցութիւնը պէտք էր դուրս գար, սակայն անոնք դուրս եկան ապրիլ 27-ին, երբ ստորագրուեցաւ ճանապարհային քարտէսը:Ներկայիս բաւարար չէ այն, ինչ որ կ՜ընէ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ ինք կրնայ շատ աւելի բաներ ընել՝ ե՛ւ տեղեկատուական ոլորտին մէջ, ե՛ւ ժողովուրդին հետ աշխատանքի իմաստով ե՛ւ իր գործողութիւններով:Ժամանակը չի սպասեր, պէտք է արագ շարժիլ:Դաշնակցութիւնը այսօր պէտք է հրաւիրէ ընդհանուր համագումարի եւ հոն վճռորոշ որոշումեր տայ տարբեր ուղղութիւններով՝ Երեւանի մէջ, մինչեւ հոկտեմբեր 13, որովհետեւ անկէ ետք իմաստ չունի:

Հ.- Իսկ ի՞նչ կ՜ըսէք այն մասին, որ հակառակ անոր որ կարելի է փոփոխութիւններ կատարել, սակայն իշխանութիւնը այս առնչութեամբ ոչ մէկ առիթ կու տայ:

Ա. Ա.- Ես կը կարծեմ, որ այս արձանագրութիւնները պէտք է արմատական կերպով ու ամբողջութեամբ մերժել՝ առանց փոփոխութեան առաջարկներու իսկ:Թուրքիա այն պետութիւնն է, որ բռնագրաւած է մեր հայրենիքը, իսկ այսօր ալ ան մեզի դէմ կը տանի թշնամական լայնածաւալ աշխատանք եւ քաղաքականութիւն:Այսօր Կարսի եկեղեցին կը փոխէ մզկիթի, մեր ղեկավարութիւնը ինչո՞ւ չի բողոքեր ասոր դէմ, այդ ի՛նչ պետութեան հետ է, որ մենք կþուզենք բարելաւել մեր յարաբերութիւնները:Ոչ թէ արձանագրութիւնները մերժելի են, այլ՝ Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ ամբողջ քաղաքականութիւնը:

Հ.- Վերջին խօսք՝ սփիւռքահայութեան:

Ա. Ա.- Ես սփիւռքահայութիւնը կը նկատեմ հայ ժողովուրդի մասնիկ, անոնք, որոնք պատասխանատուութիւն կը զգան հայրենիքի ճակատագիրի նկատմամբ, անոնք ազգի անբաժանելի մէկ մասն են եւ մեզի հետ պէտք է կրեն այդ պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ ասիկա իրենց հայրենիքն է այնքանով, որքան մերը:Անկախ անկէ, որ այսօրուան իշխանութիւնները ի՛նչ կþըսեն, իրենք զիրենք ինչպէ՛ս կը պահեն, եղածը հայրենիքի հարց է, եւ պատասխանատու պէտք է ըլլանք բոլորս՝ ե՛ւ մենք, ե՛ւ սփիւռքահայութիւնը:

Հարցազրոյցը վարեցին
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ եւ
ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

One response so far

One Response to “«Այսօրուան Թուրքիան Թալէաթներու ժառանգորդն է և լավագոյն կերպով կը շարունակէ անոնց թշնամական քաղաքականութիւնը՝ ընդդեմ Հայաստանի», – կ՜ըսէ Արմէն Այվազեան”

  1. Vaheon 10 Oct 2009 at 9:08 pm

    Lav klni hargeli hairenakicner, ete auyd harcy drel a kayacatc erkri xekavarutiuny, uremn erevi patasxanatvutiun a krum hetevanqneri masov.

Comments RSS

Leave a Reply

Կայքի մոդերատորներն իրավունք ունեն հեռացնելու այն գրառումները, որոնք պարունակում են անձնական վիրավորանքներ, բռնության կոչեր, թեմայից դուրս գրառումներ, գովազդային նյութեր։ Նաև չի խրախուսվում շատախոսությունը (flood):

You must be logged in to post a comment.