- Activities of "Ararat" Center - http://blog.ararat-center.org -

Այվազեան Արմէնը Պիտի Դասախօսէ Հոլիվուտի Մէջ

«Արարատ» Ռազմավարագիտական կեդրոնի տնօրէն, քաղաքագիտութեան դոկտոր Արմէն Այվազեան, որ հիւրաբար կը գտնուի մեր գաղութը, քանի մը դասախօսութիւններ պիտի հրամցնէ հանրութեան «Ո՞վ է հայը» խորագրով: Այդ շարքի հերթական ձեռնարկը պիտի կայանայ Հոլիվուտի մէջ: Պիտի բանախօսէ նաեւ իր կինը՝ արեւելագիտութեան դոկտոր, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, թրքագէտ եւ Օսմանագիտութեան կեդրոնի տնօրէն Լուսինէ Սահակեան՝ «Վիպասք զօրավար Անդրանիկի մասին» թեմայով:
Դասախօսութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի տեսաերիզ, եւ երգեր պիտի երգուին ու ասմունքներ պիտի ըլլան՝ հերոս Անդրանիկի նուիրուած:
Ձեռնարկը կը հովանաւորէ ՀՕՄԻ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը« իսկ կազմակերպիչներն են ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղը եւ «Արարատ» Ռազմավարագիտական կենդրոնի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը:
Խիստ այժմէական եւ Հայաստանի անվտանգութեան կարեւորագոյն հարցին նուիրուած այս միջոցառումը« որուն սիրով հրաւիրուած է մեր հանրութիւնը, տեղի պիտի ունենայ Յունիս 4ին, ժամը 7ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ:

Friday, May 30, 2008

Աղբյուրը` www.asbarez.com